2016-04-23 12:09:00

Պատանիներու Յոբելեան` Ֆրանչիսկոս Պապ խոստովանանքի խորհուրդը կը մատակարարէ Սուրբ Պետրոս Հրապարակին վրայ։


(Ռատիօ Վատիկան) Պատանիներու Յոբելեանի առթիւ, Շաբաթ 23 Ապրիլ 2016-ին,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը միացաւ այդ 150 քահանաներուն որոնք`  Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կը մատակարարեն ապաշխարութեան խորհուրդը եւ իր կարգին խոստովանեցուց մի քանի երիտասարդներ։ Այս լուրը կը հաղորդէ Ողորմութեան Յոբելեանի ''Ֆէյսպուքեան'' կայքէջը ուր տեղադրուած են նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նկարները խոստովանանքի պահուն։  

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի տեղեկացուց թէ Նորին Սրբութիւնը 16 պատանիներ խոստովանեցուց սկսեալ 11,30-էն մինչեւ 12,45։








All the contents on this site are copyrighted ©.